2014-05-19 12:55:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներուն հետ։


Երկուշաբթի, 19 Մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պահրէյնի Թագաւոր` Նորին Վսեմութիւն` Համատ Պին Իսա Ալ Խալիֆան ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, որմէ ետք ըդնունեց Լեհաստանի վարչապետ` Տիար Տոնալտ Թուսքը, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։
Ժամը 11-ին, Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւք դասի եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, վերյիշեց Մեքսիքոյի անկախութեան 200 ամեակի տօնախմբութիւնները որոնք ''առիթ հանդիսացան ջանքերը միացնելու աւելի խաղաղ, անկախ, արդար եւ ժողովրդավարական ընկերութիւն մը հիմնելու համար'', նշեց Քահանայապետը ու ապա ակնարկեց Մեքսիքոյի պատմութեան ուր արմատացած են քրիստոնէական արժէքները։
Սրբազան Հայրը մատնանշեց ապա Մեքսիքոյի ընկերութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու հարցերուն հայող` ազգային միութեան, երիտասարդներուն, անգործութեան, աղքատութեան, եւայլն.... ու քաջալերեց եպիսկոպոսները ըլլալու Բարի Հովիւներ ու Եկեղեցական առաքելութիւնը կատարելու աշխարհականներու աջակցութեամբ, ուժ քաղելով Աստուծոյ խօսքէն, խորհուրդներէն եւ աղօթքէն ու մատակարարելով պատշաճ կազմաւորում մը հիմնուած Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան վրայ` կերտելու համար աւելի արդար եւ զօրակից աշխարհ մը։ ։
Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց ժողովրդական ողորմութեան կարեւորութիւնը ու շեշտը դրաւ ''Ընտանիքի'' կարեւորութեան վրայ որպէս ''ընկերութեան կարեւոր եւ հիմնական բջիջ մը` աւետարանութեան առաջին կեդրոնը եւ իւրայատուկ վայր մը հաւատքի գանձին, որ կը փոխանցուի հօրմէ զաւակ։ Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց եպիսկոպոսները ''Ընտաիքի Հովութիւնը'' առաւելապէս զարգացնելու, հուսկ ակնարկեց Ժողովրդապետութիւններու գործունէութեան ու անոնց յանձնուած պարտականութիւններուն որպէս ''թանկարժէք միջոցներ զԱստուած տանելու մարդկանց եւ մարդիկը Աստուծոյ''։
Իր ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ Քահանայական կոչումներու վրայ ու թեկնածուներու կազմաւորումի կարեւորութեան։ Ան ապա յորդորեց եպիսկոպոսները իր ողջոյնները փոխանցելու Մեքսիքոյի համայն ժողովուրդին, խնդրելով անոնց աղօթքը, ու յատկապէս որդիական ողջոյններ փոխանցելու Կուատալուփի Տիարմօր։ Թող Ան` աւետարանութեան Աստղը – ըսաւ Քահանայապետը - ըլլայ մեր առաջնորդը եւ Յարուցեալ Քրիստոսի ուրախութեամբ եւ յոյսով լուսաւորէ ձեր սրտերը։

Յայտնենք որ 19 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական սրահին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, բացումը կատարեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 66րդ լիանիստ գումարին։ Ժողովը պիտի տեւէ մինչեւ 22 մայիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.